ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին անգլերէն լեզուով զանազան  գիրքեր կարդացին եւ երկու պահուան ընթացքին հակիրճ ներկայացումներ կատարեցին իրենց կարդացած գիրքերուն մասին: Դասարանէն ներս ստեղծուեցաւ հետաքրքրական մթնոլորտ: Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Լիմ Քէնտիրճեանի հեղինակած «Journey to Royal Destiny» գիրքին առաջին ներկայացումը իր ընկերներուն:

Այս աշխատանքին նպատակը գիրք կարդալու նկատմամբ աշակերտներուն մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնելն էր։