Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի գիտութեան դասատուին, միջնակարգի եւ Ժ. դասարանի աշակերտական խմբակներ կատարեցին գիտական զանազան նիւթերու ուսումնասիրական եւ ստեղծագործական աշխատանքներ:
Քանի մը ամսուան աշխատանքէ ետք, 15 Մայիս 2024-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աշակերտական ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս, որուն հրաւիրուած էին նաեւ ծնողները:
Աշակերտները գիտական տարբեր փորձարկումներով ներկայացուցին իրենց աշխատանքները, ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Ստեղծագործական ծիրին մէջ առաջին հանդիսացաւ Ը. դասարանէն Ռիթա Ուրիշեան, երկրորդ հանդիսացաւ Ը. դասարանի խմբակը՝ Արեգ Վան Աշքարեան, Գալէ Դրօ Հարպոյեան, Վարագ Լախեան եւ Վեհ Քրիստ Հարպոյեան: Ուսումնասիրական ծիրին մէջ առաջին հանդիսացաւ Ժ. դասարանէն Սելին Գիլէճեան, երկրորդ հանդիսացաւ Ժ. դասարանի խմբակը՝ Սարին Մահտեսեան, Լոռի Բակլայեան, Աւետիս Միքայէլեան եւ Արի Չափարեան: Պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Ժ. դասարանէն Մարգրիտ Ղազարեան: Կը գնահատենք այս նախաձեռնութեան մասնակից բոլոր աշակերտները: