ԳԻՇԵՐԱԶԳԵՍՏԻ ՕՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԷՋ

Տան մտերմիկ եւ տաքուկ մթնոլորտը դպրոցէն ներս եւս վայելելու նպատակով, Ուրբաթ, 14 Մարտ 2014-ին, մանկամսուրի փոքրիկները եւ ուսուցչուհիները դպրոց եկան գիշերազգեստներով: Անոնք միասնաբար պատրաստեցին նախաճաշը: Ուտելէ ետք, ունկնդրեցին պատմութիւն մը, ապա տեսերիզ դիտեցին: Մանկապարտէզի սրահէն ներս խամաճիկ դիտելէ ետք, անոնք ճաշեցին ու մտան իրենց անկողինները եւ քնացան: