ԳԷՈՐԳ ՈՒՐԻՇԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐԳՐԻՏ ՂԱԶԱՐԵԱՆ` ԱՌԱՋԻՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու խնամակալութեան, Տնօրէնութեան եւ «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցին, Շաբաթ 5 Ապրիլ 2025-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժանսէմի 105-ամեակին նուիրուած միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքը։

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ա. խմբակին (5-րդ, 6-րդ դասարաններ) առաջինը հանդիսացաւ Ճեմարանի աշակերտներէն Գէորգ Ուրիշեան, իսկ Գ. խմբակինն (երկրորդական բաժին) առաջինը` Մարգրիտ Ղազարեան։