ԳԱՐՆԱՆ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Գարնան առաջին օրուան եւ Մանուկներու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով «Վանայ ձայն»-ի «Համարձակ եղի՛ր եւ խօսէ՛» յայտագիրը Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2013-ին սփռուեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակէն: Յայտագիրը վարող Մարալ Հարպոյեան ըսաւ, որ բազմազան ու բազմաթիւ չարիքներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է սերունդները դաստիարակել այնպիսի ձեւով, որ անոնք հեռու մնան վնասակար միջավայրէ, շռայլ կենցաղէ: Գարնան առաջին օրուան առիթով ան մաղթեց անսահման գեղեցկութիւն եւ պայծառութիւն` միտքերու, գաղափարներու եւ ընդհանրապէս կեանքի տարբեր երեւոյթներու: Յայտագիրին ընթացքին կարճ հարցազրոյցներ կատարուեցան քանի մը հիւրերու հետ: Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն խումբ մը աշակերտներ` Աղեկ Աղեկեան, Ճոյ Պասուս, Արենի Խաչատուրեան, Ռոյ Ճիզմեճեան, Ճորճիօ Ֆեղալի եւ Նարէ Գօգօղլանեան, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի գլխաւորութեամբ, խօսեցան Լիբանանի մանուկներու քաղցկեղի կեդրոնին դրամարշաւին մասին` լուսարձակի տակ առնելով Ը. եւ Թ. դասարաններուն կողմէ ներկայացուելիք ծրագիրը` այս նպատակին օժանդակելու առնչութեամբ: Ապա արաբերէնով աշակերտները ներկայացուցին մանուկներու իրաւունքներուն կարեւորութիւնը: Այս յատկանշական յայտագիրին աւարտին Մարալ Հարպոյեան կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու մանուկին, հեռու պահելու զայն վնասակար միջավայրերէ, անոր շուրջ ստեղծելու սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտ, անոր ուսուցանելու այնպէս, որ դառնայ գիտակից մարդ, ճշմարիտ քրիստոնեայ եւ յանձնառու հայ: