ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2011-ին հայրենի մտաւորական եւ գիտնական Գարեգին Չուգասըզեան այցելեց Ճեմարան եւ Լսարանական Միութեան աշակերտութեան ցուցադրեց «Կոմիտաս վարդապետ. կեանքն ու գործը» մալթիմիտիական խտասալիկը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան աշակերտութեան ծանօթացուց հայրենի հիւրը, որ մեծ աշխատանք կը տանի համակարգիչի միջոցով ի մի բերելու եւ արտայայտելու հայ մշակոյթի հարստութիւնը։ Դասախօսը անդրադարձաւ այսօրուան տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ինչպէս անցեալին գիրերու գիւտը, տպագրութիւնը օրուան ստեղծագործութիւններն էին, որոնք կը ծառայէին մշակոյթի պահպանման, այսօր ալ՝ ելեկտրոնային գիրքերը։ Չուգասըզեան ներկայացուց Կոմիտասի մասին ելեկտրոնային գիրք մը, որ տեղեկութիւններու, լուսանկարներու, վկայութիւններու, ժամանակագրական կարգի եւ փաստաթուղթերու աղբիւր մըն է: Ան ըսաւ, որ Կոմիտասի ժամանակ, ժողովուրդը չէր գիտեր իր երաժշտութիւնը ո՞րն է։ Կոմիտաս ուսումնասիրեց մեր ամբողջ միջնադարեան մշակոթը, վերականգնեց, մշակեց զայն հայկական ոճով եւ երգչախումբերով հրամցուց ժողովուրդին։ Ե-գիրքին մէջ Կոմիտասի կեանքը բաժնուած է չորս ժամանակաշրջաններու, ներկայացուած տարուան չորս եղանակներով՝ իր գարունը, ամառը, աշունը եւ ձմեռը։ Հոն կայ արբանեակային նկարը իր ծննդավայրին՝ տունը, հայկական թաղամասը։ Ե-գիրքը կ՚ընդգրկէ նաեւ վաւերագրական բաժին, ուր կան իր երգերը, երաժշտութիւն, Կոմիտասի ձայնը (1912-ին արձանագրուած, Փարիզ), լուսանկարներու շտեմարան, հայկական խազեր, դպրոցական համերգի յայտագիրներ, իր ձեռագիրով նամակներ ու բանաստեղծութիւններ, յուշեր, ինչպէս նաեւ տեսանիւթեր։ Դասախօսութենէն ետք, Չուգասըզեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։ Արեւիկ Փափազեան Փաթիլ Տէտէեան ԺԲ. դասարան