Բ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ֆրանսերէն դասի առողջապահութեան բնաբանի աւարտին, Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2012-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները այցելութիւն մը տուին ատամնաբոյժ Իշխան Եղիայեանին եւ մանկաբոյժ Պերճ Տաքեսեանին դարմանատուները։ Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժիշկներուն տուած բացատրութիւններուն։ Երկու բժիշկները մեծ համբերութեամբ եւ մանրամասն բացատրութիւններով պատասխանեցին աշակերտներուն ուղղած բոլոր հարցումներուն։ Աշակերտները շնորհակալական գրութիւն մը նուիրելէ եւ ակռայի մածուկ ու վրձին նուէր ստանալէ ետք, ճամբայ ելան դէպի հանրախանութ։ Անոնք «Փոքրիկ խանութպանը» դասը աւարտած ըլլալով, գնումի ցանկը իրենց ձեռքին՝ կատարեցին անհրաժեշտ գնումները։