ԲՌՆԱԴԱՏՈՒՄ (Bullying)

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Մայիս ամսուան ընթացքին, դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան այցելեց տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն եւ ներկայացուց բռնացումի երեւոյթները դպրոցէն ներս. ան խօսեցաւ ընդհանրապէս բռնադատումի ծանր հետեւանքներուն մասին։ Նիւթը մատուցուեցաւ տարբեր ձեւերով՝ զրոյց, պատմութիւն եւ խմբական աշխատանք։ Տարրական բաժինի աշակերտները խմբական աշխատանքներով ներկայացուցին բռնադատուած եւ չբռնադատուած անձի մը վիճակը։ Նախակրթարանի աշակերտները անհատական գծագրութիւններով արտայայտեցին բռնադատումի մասին իրենց տեսակէտը։ Անոնք Ճեմարանի անձնակազմէն հաւաքեցին կարծիքներ յիշեալ նիւթին մասին եւ զանոնք զետեղեցին պատի թերթի վրայ։ Մայիս 21-էն 25 երկարող շաբթուան ընթացքին ցուցադրուեցան աշակերտներուն աշխատանքները դպրոցէն ներս։ Աշակերտները լաւապէս ըմբռնեցին ներկայացուած նիւթը եւ խանդավառութեամբ կատարեցին բռնադատման վերաբերող գործնական աշխատանքները։