ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ

Գիտութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները ծանօթացան տերեւներուն տեսակներուն: Անոնք իրենց ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ տերեւներ հաւաքեցին Ճեմարանի պարտէզներէն:

Աշակերտները նաեւ թաղարներու մէջ հունտեր ցանեցին, որպէսզի զանոնք խնամեն եւ աճեցնեն իրենց դասարաններուն մէջ: