«ԲԱՑ ԴՌՆԵՐ»ՈՒ ՕՐ՝ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2022-ին, Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ «Բաց դռներ»ու օր մը, որուն մասնակցեցան մանկապարտէզ յաճախելու տարիքը հասած երեխաներու ծնողները: Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի պատասխանատու Թալին Փափիրեանը, որմէ ետք խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը, որ խօսեցաւ դպրոցի ընդհանուր կառոյցին եւ կրթական ծրագրին մասին: Ապա խօսքը փոխանցուեցաւ Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեանին, որ ներկայացուց մանկապարտէզի կառոյցը, հոն կատարուող զանազան աշխատանքներն ու դասաւանդման մեթոտները: Աւարտին, դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան խօսեցաւ Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի գործունէութեան մասին։ Այնուհետեւ ծնողները առիթ ունեցան մանկապարտէզէն ներս շրջելու եւ մօտէն ծանօթանալու առօրեայ աշխատանքներուն: