Բնութեան մէջ դասաւանդումը կը բարելաւէ մտային զարգացումը, ինչպէս նաեւ՝ հաստատակամութեան, քննական մտածողութեան եւ հաղորդակցութեան կարողութիւնները:
Այսպէս, հայերէն լեզուի դասապահուն, ոսկի աշնան գեղեցիկ բնութիւնը վայելելով, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները Նորսիկեան մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին մէջ ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները: Անոնք սորվեցան, զրուցեցին, ստեղծագործեցին ու լաւ ժամանակ անցուցին:
