«ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլեճի 2019-2020 տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներուն ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Ելոյթ ունեցան շրջանաւարտները, որոնց կարգին Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Սերժ Պապուքեան եւ Կարէն Ճինպաշեան (7-րդ դասարանի շրջանաւարտ) եւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Շահան Հաւաթեան (10-րդ դասարանի շրջանաւարտ։

Կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները, աւելի բարձր վկայականներու մաղթանքով։