Բարեսիրական աշխատանքը աշակերտին առօրեային մաս դարձնելու նպատակով, ինչպէս ամէն տարի, կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները կաղանդի շրջանին ստանձնեցին երկու կարիքաւոր ընտանիքներու այժմէական պէտքերու հոգատարութիւնը:
Առաջին հանգրուանին, աշակերտները դպրոցէն ներս երկու շաբաթ խմբական նախապատրաստական աշխատանքներ կատարեցին, հագուստեղէնի եւ ուտելիքի ծրարներ պատրաստեցին: 21 Դեկտեմբերին, կաղանդի արձակուրդէն առաջ, այցելեցին եւ ծանօթացան երկու ընտանիքներուն, փոխանցեցին իրենց պատրաստած ծրարները, ուսումնասիրեցին անոնց դժուարութիւնները, որպէսզի հետագային իրենց կատարելիք օժանդակութիւնները ծրագրեն:
Աշակերտները գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց: