ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները կաղանդի շրջանին նախաձեռնեցին բարեսիրական աշխատանքի մը. անոնք ստանձնեցին կարիքաւոր երկու ընտանիքներու այժմէական պէտքերու հոգատարութիւնը:

Առաջին հանգրուանին, աշակերտները դպրոցէն ներս երկու շաբաթ խմբական նախապատրաստական աշխատանքներ կատարեցին, հագուստեղէնի եւ ուտելիքի ծրարներ պատրաստեցին: 21 Դեկտեմբերին, կաղանդի արձակուրդէն առաջ, այցելեցին եւ ծանօթացան երկու ընտանիքներուն, փոխանցեցին իրենց պատրաստած ծրարները: Ուսումնասիրեցին անոնց դժուարութիւնները, որպէսզի հետագային իրենց կատարելիք օժանդակութիւնները ծրագրեն:

Աշակերտները գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց: