ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Դ. դասարաններու աշակերտները բարեկենդանի նախօրեակին, իրենց դաստիարակներուն եւ նկարչութեան ուսուցիչին հետ պատրաստեցին հայկական թագեր եւ ճաշակեցին իրենց համար պատրաստուած հատիկը: Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան աշակերտներուն փոխանցեց բարեկենդանի խորհուրդը:Աշակերտները սորվեցան ու երգեցին բարեկենդանի յատուկ երգեր եւ խաղացին նոյն տօնին յատուկ խաղեր: Տիկ. Սօսէ իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրեց հայկական աւանդութիւններուն մասին գիրք մը, իսկ օրուան բախտաւորը նուէր ստացաւ Թումանեանի «Բարեկենդանը» գիրքը: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: