ԲԱՐԲԱՌՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, միջնակարգի իններորդ դասարանի աշակերտներս մեր դպրոցէն ներս հիւրընկալեցինք այնճարաբնակ պրն. Եսայի Հաւաթեանը, որպէսզի մեզի խօսի հայկական բարբառներու մասին ընդհանրապէս, յատկապէս կեդրոնանալով Մուսա լերան բարբառին վրայ։

Բացման խօսքը կատարեցին Սելին Գիլէճեանն ու Նարեկ Չերքէզեանը, որմէ ետք Մարգրիտ Ղազարեանն ու Վիքի Կիրակոսեանը Այնճարի բարբառով հրաւիրեցին բանախօսը, որ մատնանշեց, թէ իր մայրենի լեզուն Սուէտիոյ՝ Այնճարի բարբառը եղած է, ապա սորված է հայերէնը։ Ան անդրադարձաւ բարբառներու կարեւորութեան, ճիւղաւորումներուն, Այնճարի մէջ խօսուող բարբառներու տարբերակներուն, որոնք կապ ունին Մուսա լերան տարբեր գիւղերէ եկած հայերուն խօսակցութեան հետ։ Նշեց, որ ներկայիս արեւմտահայերուն բարբառներէն տակաւին կը գոյատեւեն Մուսա լերանն ու Քեսապինը։ Խօսեցաւ Հրաչեայ Աճառեանին կատարած ուսումնասիրութիւններուն, բարբառներու «ում», «ել» եւ «կը» ճիւղերուն ու կեդրոնացաւ Մուսա լերան բարբառին։ Աշակերտներս մեծ հետաքրութեամբ հետեւեցանք անոր բացատրութիւններուն, լսեցինք այնճարցիներուն իրարու տուած ծածկանուններուն վերաբերող պատմութիւններ, հաճելի դրուագներ անոնց կեանքէն, առածներ, մաղթանքներ եւ անէծքներ, որոնց թիւը, բարեբախտաբար, աւելի նուազ է մաղթանքներէն։ Իմացանք նաեւ, որ այնճարցի երիտասարդներ «Շուղաշակ» անունով դիմատետրի էջի հարթակ մը ստեղծած են։ Շահեկան հանդիպում-զրոյցի աւարտին աշակերտներս հարցումներ ուղղեցինք, եւ փակուեցաւ հանդիպումը։

    Սելին Գիլէճեան

    Լոռի Բակլայեան

    Սարին Մահտեսեան