ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առիթով, Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ին, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ը. դասարանի աշակերտները կազմակերպեցին ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Տիկ. Կամիլա Երկանեան Քէշիշեան խօսեցաւ բանաստեղծութիւն գրելու արուեստին մասին:

Ձեռնարկին  բացման խօսքը ընթերցեց Ճորճ Տէմիրճեան, որ նաեւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը, ապա ամփոփ տողերու մէջ Կամիլայի կենսագրութեան անդրադարձան Զուլալ Աւագեան, Սանան Քէշիշեան եւ Սէրլի Զագարեան: Այնուհետեւ Կարին Եղիայեան նուագեց Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ժողովրդական «Էնզելի» կտորը, որ գրուած է 1925-ին: Ապա խօսք առաւ Տիկ. Կամիլա եւ ընդգծեց գրողի մը դերակատարութիւնը ազգային եւ համամարդկային իմաստով: Եթէ թերթենք մեր պատմութեան էջերը եւ ենթադրենք, որ գրող չունինք, շատ տխուր պատկերի մը առջեւ կը գտնուինք,- ըսաւ ան եւ աւելցուց,- որ արուեստը դուրս է բոլոր պատկանելիութիւններէն, նոյնպէս ալ՝ գրողը, սակայն հա՛յ գրողը յաւելեալ դեր մը ունի ազգային կեանքին մէջ, որովհետեւ իր գրութիւնները կը ներշնչեն սերունդներ, որովհետեւ գրականութեան արտացոլումն է կեանքը:

Բանախօսը անդրադարձաւ գրական սեռերուն, արձակ եւ չափածոյ գրութիւններուն տարբերութիւններուն եւ իւրաքանչիւրին իւրայատկութեան, որմէ ետք ընթերցեց իրեն հետ բերած գիրքերէն բանաստեղծութիւններ, ինչպէս՝ Արթիւր Ռէմպոյի «Հմայուածները», Համօ Սահեանի «Իմ Պապը», Վահան Թէքէեանի «Հայու հոգին», Յովհաննէս Գրիգորեանի «Հայաստան» քերթուածը: Վերոյիշեալ գրութիւններէն մէկն ալ կարդաց մեր դասընկերը՝ Ճօվանի Տօներեանը:

Ապա առիթ տրուեցաւ հարցումներու, որոնց պատասխաններուն ընդմէջէն աւելի մօտէն ծանօթացանք Տիկ. Կամիլայի գրական աշխարհին, արուեստագէտի խառնուածքին եւ գրելու մարզին մէջ անոր ունեցած փորձառութեան: Երբ իրեն հարցուցինք, թէ ո՛ր գրողէն ներշնչուած է առաւելաբար, ան Դանիէլ Վարուժանի, Յովհաննէս Գրիգորեանի, Հրանդ Մաթեւոսեանի, Պերճ Զէյթունցեանի ազդեցութիւնը մատնանշեց եւ առաջարկեց, որ կարդանք հայերէն գիրքեր, որպէսզի մեր գրելու կարողութիւնը մշակենք եւ մեր երեւակայութիւնը զարգացնենք:

Շահեկան այս ձեռնարկին աւարտին նկարուեցանք եւ հոգեկան գոհունակութեամբ բաժնուեցանք՝ դարձեալ տեսնուելու խոստումով:

Գալին Գիլեճեան

Կլօրիա Ժալըֆեան

Ը. դասարան