ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները նշեցին բանաստեղծութեան միջազգային օրը, ներկայութեամբ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի:

Ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց Լիլա Մաքտեսեան, ապա Վարագ Պալապանեան բանաստեղծին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Լոռի Եահնիեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը», իսկ Քրիստափոր Գապաքեան՝ Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» բանաստեղծութիւնը: Շահան Նաճարեան դաշնամուրով նուագեց «Կախարդական Սրինգը», ապա օրուան պատգամը փոխանցեց  բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեան: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ. Արմէն Եղիայեան ասմունքեց Ռ. Քիփլինկի «Եթէ»ն (Մուշեղ Իշխանի թարգմանութեամբ), իսկ Հրակ Լախեան՝ Ժագ Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Փաթիլ Զարմէնեանի «Անդանտինօ» դաշնամուրի նուագով: