Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին Պատմութեան դասապահուն (Histoire), Զ. դասարանը հաճելի անակնկալն էր հիւրընկալ Գիւմրիէն ժամանած Ճեմարանաւարտ եւ առաջին խաչքարագործ հայուհի Նարինէ Փօլատեանն ու իր ամուսինը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հասարակական խորհուրդի անդամ Ժորա Աբգարեանը:
Խօսակցութեան ընթացքին ծանօթանալով Զ. դասարանի այդ շաբթուան պատմութեան դասանիւթին՝ «Հռոմէական Կայսրութեան ծնունդն ու հզօրացման պատճառները», Պրն. Ժորան աշակերտներուն մանրամասնօրէն բացատրեց ուժեղ եւ ռազմավարականօրէն ճիշդ ու խելացի որոշումներ առնող բանակի մը դերը պետութեան մը գոյութեան համար:
Իր բացատրութիւնները աւելի մատչելի եւ հասկնալի դարձնելու համար Պրն. Ժորան աշակերտներուն ներկայացուց մեր նորօրեայ պատմութենէն Շուշիի ազատագրման օրինակը, մերթ ընդ մերթ օգտագործելով համացանցի վրայ գտնուող տեսերիզներ եւ կամ գրատախտակին վրայ գծագրութեամբ ներկայացնելով ռազմավարական զանազան հնարքներ, որոնք օգտագործուած էին 8-9 Մայիս 1992-ին:
Պրն. Աբգարեանը մեծ համբերութեամբ լսեց, ապա պատասխանեց հետաքրքիր աշակերտներուն հարցումներուն, անոնց յիշեցնելով որ ամէն հայ անձ իր ազգին զինուորն է, եւ նոր սերունդը պէտք է ձգտի բարձր եւ մասնագիտական ուսում ստանալ, որպէսզի մօտ ապագային ճիշդ եւ խելացի որոշումներ կայացնելով, այսինքն ճիշդ ռազմավարութեամբ կարենանք ազատագրել մեր պապենական հողերը եւ ամուր պահենք մեր հայկական պետութիւնը: