ԱՒՕ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՏԻՏՂՈՍ ՄԸ ԵՒՍ

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կազմակերպած փինկ փոնկի դպրոցական ախոյեանութեան աւարտին, տեղի ունեցան հինգ նահանգներու տղոց աւարտական հանգրուանի մրցումները: Ճեմարանի աշակերտ Աւօ Մումջողլեան, որ նախորդ ամիս երեք նահանգներու ախոյեան հանդիսացած էր, այս անգամ Ճեմարանին ապահովեց այլ տիտղոս մը, երբ հանդիսացաւ Լիբանանի հինգ նահանգներու ախոյեան: Աւարտական մրցումին, Աւօ Մումջողլեան 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ահմետ Հիւսէյն Հարպը (Թերպիէ Ուաթաալիմ վարժարան), իսկ կիսաւարտականին նոյն արդիւնքով՝ Ահմետ Մուսթաֆա Հարպը (Ախա Ժըպշիթ): Մրցաշարքին աւարտին, որ տեղի ունեցաւ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), Աւօ Մումջողլեան իր բաժակը ստացաւ կրթութեան նախարարութեան փինկ փոնկի ներկայացուցիչին՝ Իսքանտար Սլէյմանի կողմէ: