ԱՒՕ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կիրակի 28 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հարաւային Ափրիկէի Ճոհանսպըրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ԿԱԶՄԱ» համաշխարհային թուաբանութեան մրցանքը, որուն կը մասնակցէին տարբեր երկիրներէ ժամանած աւելի քան 300 աշակերտներ: Լիբանանի պատուիրակութեան անդամ 9 աշակերտներուն շարքին էր ճեմարանական Աւօ Խաչատուրեանը (5-րդ դասարան), որ իր հմտութիւններուն շնորհիւ կրցաւ հանդիսանալ իր դասակարգին ախոյեանը:

Կը շնորհաւորենք մեր փոքրիկ ախոյեանը՝ անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ: