Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները հաւաքուեցան իրենց բակը, ուր ԺԲ. դասարանէն Նարէ Քիւրքճեան իր խօսքը փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին առիթով: Ան ըսաւ. «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայ գիրերու գիւտէն ետք, հայ թարգմանիչներուն դերը մեծ եղաւ հայ ազգի լուսաւորութեան ճամբուն վրայ: Հայ լեզուն եղաւ մեր ազգին գոյատեւման եւ յաւերժացման հիմնաքարը, իսկ թարգմանիչները եւ հայ մշակոյթը պահող դաստիարակները, գրագէտներն ու լրագրողները այդ հիմնաքարին վրայ կառուցեցին հայ մշակոյթի շքեղ պալատը, որ մեզի կը պատկանի այսօր»: Ապա Հրանդ Գալեմքէրեան եւ Նարէ Քիւրքճեան ընթերցեցին Սիամանթոյի «Գիւտին Փառքը» բանաստեղծութիւնը:
«Բոլորս գուրգուրանք մեր իւրաքանչիւր տառին, որպէսզի գոյատեւեն մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ մեր ազգը, ու մենք ալ զայն փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն»,- ըսաւ Նարէ Քիւրքճեան, եւ «Հայորդիք» երգը ունկնդրելէ ետք, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները: