Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2022-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած, Լիբանանի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբին կազմութեան զտումի մրցումները:
Մարզիկներուն միջեւ տեղի ունեցած բաւական սուր պայքարէ ետք, կազմուեցաւ Լիբանանի ազգային խումբը, որուն մաս կազմեցին Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտներ՝ Արմէն Եղիայեան եւ Լէա Պուտաքեան: Յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց:
