ԱՐՑԱԽՑԻ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ին, Ճեմարան այցելեցին Արցախէն խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք Լիբանան կը գտնուին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ:

Ճեմարանի աշակերտները իրենց արցախցի հիւրերը ընդունեցին Գարագաշեան սրահին մէջ: Աւարտական դասարանէն Արամ Հանտեան ողջունեց զիրենք ըսելով. «Ճեմարանը ձեր տունն է, ինչպէս Արցախը՝ մերը: Արցախը իւրաքանչիւրիս սիրոյ, ուժի, պայքարի, բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացման, յարատեւման ու գոյատեւման խորհրդանիշն է: Այսօր դուք ձեզի հետ բերած էք Արցախի ոգին, գեղարուեստը, մշակոյթը, տաղանդը եւ սէրը: Մենք՝ ճեմարանականներս, կ’ապրինք Արցախին հետ, կը զգանք արցախցիին հետ ու կարելի բոլոր միջոցներով կը պայքարինք ձեզի հետ: Յարատեւ կը զօրակցինք ձեզի, մեր աչքերը սեւեռած ամբողջական Արցախի փայլուն ապագային»:

 Արցախցի պատանիները ներկայացուցին երաժշտական իւրայատուկ ելոյթ մը. յայտագիրը վարեց խմբավար եւ երաժիշտ Զաքար Քէշիշեան, որ հերթաբար իւրաքանչիւրին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց աշակերտներուն:

Յայտագրի աւարտին, խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի եւ գեղարուեստական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեան, որ գնահատեց ՋԱՀ յանձնախումբի նախաձեռնութիւնը, իր ուրախութիւնը յայտնեց Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հիմնած Ճեմարանը այցելելուն առթիւ եւ յարատեւ բարգաւաճում մաղթեց Ճեմարանին: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան իր կարգին գնահատական խօսք ուղղեց բոլորին, ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Ելոյթէն ետք, պատանիները նախաճաշի հիւր եղան, աւարտին ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ երգեցին «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգը: