ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, Արցախի մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2014-ին Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նոր սերունդի տաղանդներու համերգը՝ ներկայութեամբ մանկապարտէզի կանաչ դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ դպրոցի անձնակազմին: Համերգին ընթացքին իրենց երաժշտական գործիքներով եւ տաղանդով հանդէս եկան 12 տաղանդաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Համերգի աւարտին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց աշակերտներուն: Աշակերտներուն խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին համերգը եզրափակող երգին ընթացքին՝ կատարողութեամբ Վլատիմիր Արզումանեանի, որ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2010» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցած եւ առաջին հանդիսացած է: