ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022-ին, պատուիրակութեամբ մը Ճեմարան այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան: Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք, Ճեմարանի վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեանի ընկերակցութեամբ անոնք շրջեցան Ճեմարանի զանազան բաժինները եւ հանդիպում ունեցան երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտութեան հետ: