ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱՒԱՏԻՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2026-ին, Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները կատարեցին Արցախի իրաւատիրական հաւաք մը՝ «Վերադարձ կա՛յ» կարգախօսով։

Արցախի եւ Ճեմարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, աւարտական դասարանէն Էլիզապէթ Փեհլիվանեան ըսաւ. «Կան թուականներ, որոնք կը մնան պատմութեան մէջ եւ կան թուականներ, որոնք կը դրոշմուին մեր սրտերուն մէջ: 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ստորագրուեցաւ զինադադարի համաձայնագիրը, որ թէեւ վերջ դրաւ պատերազմին, սակայն հայ ժողովուրդին համար բերաւ ցաւ ու կորուստներ: Այս օրը մեզի համար պիտի չմնայ սոսկ յիշողութիւն մը, որուն հետ կ’ապրինք, այլ պիտի մնայ յիշեցում մը, որ մեզ պիտի մղէ պահանջատիրութեան եւ ապագան կերտելու յանձնառութեան»:

Բացման խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին մասին տեսերիզ մը, ապա Հայկ Ժերդիտեան ընթերցեց արցախցի բանաստեղծ Արմէն Աւոյի «Վերադարձ» բանաստեղծութիւնը, Վեհ-Քրիստ Հարպոյեանի «Տուն իմ հայրենի» նուագակցութեամբ: Այնուհետեւ խումբ մը աշակերտներ «քոչարի-եարխուշտա» պարեցին, ապա ԺԱ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Բանտարկեալներուն» երգը: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Արցախի եւ արցախահայութեան մասին խօսեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Սամիկ Կարապետեան:  

Նշենք, որ Արցախի իրաւատիրական այս հաւաքին առընթեր, նոյն օրը,  յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, առցանց հարթակներուն վրայ «#Վերադարձ կայ՛»-ով  որմազդի մը հրապարակումը կատարուեցաւ Ճեմարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին կողմէ: