ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՑՈՅՑ

Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ճեմարանի Թ. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններու Արցախի զօրակցութեան աշակերտական ցոյցին, ՄԱԿ-ի Լիբանանի կեդրոնին դիմաց։
 
Ցոյցի աւարտին, աշակերտներու պատուիրակութիւնը Արցախի մանուկներուն իրաւունքները պաշտպանելու կոչով յուշագիր մը յանձնեց ՄԱԿ-ի պատասխանատուին։