ԱՐՑԱԽԵԱՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՆՇՈՒՄ

Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ին, աւարտական դասարանի աշակերտները նշեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին առաջին տարելիցը: Երկրորդ զբօսանքի աւարտին, անոնք հաւաքուեցան բակը, ուր աւարտական դասարանի խօսքը փոխանցեց Փաթիլ Զարմէնեան. ան ըսաւ. «Թէեւ պատահածը ահաւոր եւ անհաւատալի էր, սակայն պէտք է մնանք ամուր՝ մեր հողերուն վերատիրանալու յոյսով: Մենք՝ ճեմարանականներս, պէտք է լաւ ճանչնանք մեր պատմութիւնը, որովհետեւ մենք ենք հայ ազգին ապագան: Աշխատինք ազատագրելու համար մեր հողերը եւ ունենալու համար ազատ Արցախ ու ապահով հայրենիք: Բիւր յարգա՛նք՝ Արցախի ու Հայաստանի ազատութեան ու բարօրութեան համար զոհուած բոլոր նահատակներուն»: Ապա աշակերտները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը եւ ունկնդրեցին ու երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր: