Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Քարոզչական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 30 Մայիս 2025-ին, «Երջօ Սամուէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջդպրոցական մրցանք մը, Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը թեմայով, մասնակցութեամբ լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու: Իւրաքանչիւր դպրոց ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիր մը եւ Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացնող տաղաւարներ:
Ճեմարանի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին՝ ներկայացնելով թատրերգութիւն մը՝ «Յիշողութեան ճամբան դէպի Արցախ» խորագիրով, ինչպէս նաեւ յարդարեցին անկիւն մը՝ Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը խորհրդանշող երաժշտական գործիքներով, զարդերով, ճաշատեսակներով եւ Արցախի մէջ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութիւնը ներկայացնող տեսերիզով: Դպրոցս նաեւ պատրաստած էր Արցախի թեմայով յատկանշական էջացոյց եւ «սթիքըր», որոնք մուտքին բաժնուեցան աշակերտներուն:
Սոյն մրցանքին Ճեմարանը հանդիսացաւ երրորդ:
