ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2014-ին, նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն չորս աշակերտներ մասնակցեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանութեան եւ գծագրութեան մրցումին՝ Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս: Մարգարիտա Միքայէլեան առաջին հանդիսացաւ Զ. դասարաններու արտասանութեան մրցումին: Կալի Քէշիշեան առաջին հանդիսացաւ Ե. դասարաններու գծագրութեան մրցումին: Կայէլ Գրիգորեան երկրորդ հանդիսացաւ Զ. դասարաններու գծագրութեան մրցումին: