ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Ուրբաթ, 22 Մայիս 2015-ին, նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած արտասանութեան եւ գծագրութեան մրցումին՝ Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս: Սարին Զարմէնեան առաջին հանդիսացաւ Զ. դասարաններու արտասանութեան մրցումին, իսկ Սիլվիա Տէմիրճեան յիշատակութեան արժանացաւ: Լոռի Պէրպէրեան առաջին հանդիսացաւ Զ. դասարաններու գծագրութեան մրցումին, իսկ Յարութ Ղազարեան յիշատակութեան արժանացաւ: Հրակ Լախեան առաջին հանդիսացաւ Ե. դասարաններու արտասանութեան մրցումին, իսկ Արամ Հանտեան՝ երրորդ: Աբիկ Արբաճեան առաջին հանդիսացաւ Ե. դասարաններու գծագրութեան մրցումին, իսկ Փաթիլ Զարմէնեան՝ երկրորդ: