Այս տարի Ե. դասարանի աշակերտներուն վստահուած էր աշխարհագրութեան դասին համար պատրաստել խոյզ մը «Արմատներուս Քարտէսը. Իմ Ինքնութեանս Աշխարհագրութիւնը» վերնագրով: Այս նախագիծին ընդմէջէն, անոնք դարձան փոքրիկ «մարդաբաններ» եւ «աշխարհագրագէտներ»։ Անոնք ուսումնասիրեցին իրենց նախահայրերուն բնօրրանը, գծեցին գաղթի ու վերապրումի քարտէսները եւ մէկտեղեցին իրենց ընտանեկան մասունքները։ Երկուշաբթի 27 Ապրիլին Ե.1 եւ Ե.2 դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան Պոլեան սրահ ներկայացնելու համար իրենց կատարած խոյզերը, ներկայութեամբ իրենց բաժինի պատասխանատուհիին, Հայոց Պատմութեան եւ Աշխարհագրութեան ուսուցչուհիներուն: Այդ օրուան անակնկալ հիւրն էր Հայոց ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիկեան» թանգարանի տնօրէն Պրն. Գրիգոր Ալլոզեանը:
ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՍ ՔԱՐՏԷՍԸ
