Չորեքշաբթի, 6 Մարտ 2024-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտներուն հայրերը այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ասպարէզը ներկայացնէ փոքրիկներուն: Իւրաքանչիւր հայր իրեն հետ բերած էր իր գործին վերաբերող իրեր կամ նկարներ: Այսպիսով աւելի եւս ամրապնդուեցաւ «Արհեստներ եւ արուեստներ» կեդրոնական նիւթին բացատրութիւնը:
ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ
