ԱՐՀԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ը. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուցին տարբեր-տարբեր արհեստներու մասին իրենց պատրաստած խոյզերը։ Անոնք կ՚ընդգրկէին հետեւեալ արհեստները. որմնադիր, հիւանդապահ, ծաղկավաճառ, խոհարար, պարտիզպան, սպասեակ, սափրիչ եւ ելեկտրագործ։ Ակներեւ էր աշակերտներուն լրջութիւնը, իսկ գնահատելի էին բծախնդրութեամբ պատրաստուած խոյզերը։ Հետաքրքրական էր գիտելիքներուն եւ տեղեկութիւններուն պաշարը։ Խոյզերուն ներկայացումը ստեղծեց ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը։