«ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ»

Հինգշաբթի, 2 Յունիսին, ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Ճեմարանի ուսուցչուհիներէն Նորա Թաշճեան Է. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ արժէքներու գնահատման մասին։ Ընկերային կազմաւորման ընթացքին, կարեւոր է գնահատել այն արժէքները, որոնց կը կառչի անհատ մը ինքզինք կերտելու, ընկեր ընտրելու կամ ընդհանրապէս ընտանիքին ու շրջապատին մէջ համազդելու համար։ Տուեալ արժէքներէն մաս մը ընդգրկող հարցաթերթիկներ ամբողջացուցին աշակերտներն ու իւրաքանչիւր աշակերտի կողմէ ճշդուած չափահաս մը։ Վիճակագրական տախտակներու միջոցաւ ի յայտ եկան տարբերութիւններ ու նմանութիւններ տղոց եւ աղջիկներու կարգ մը մօտեցումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ չափահասներու ընտրութիւններուն մէջ։ Ապա կատարուեցաւ արդիւնքներու քննարկում ու կարծիքներու փոխանակում։ Երեքշաբթի, 24 Մայիսին նոյն նիւթը Ը. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց դպրոցի հոգեբան Նաթալի Այվազեանը։