Ճեմարանի շունչով ու արժէքներով հասակ նետած մեր շրջանաւարտները Արարատի սրբազան գագաթը նուաճելէ ետք, վերադարձան իրենց օճախը եւ դպրոցին նուիրեցին Մասիսի բարձունքներէն բերուած քար մը եւ լեռնագագաթին՝ Ճեմարանի դրօշակով ծփացող պատմական լուսանկարը։
Այս քարը սովորական յուշանուէր մը չէ. անիկա մեր սերունդներու անխախտ կամքին, հայրենասիրական ոգիին եւ Ճեմարանէն սկիզբ առնող անվերջանալի վերելքին վառ խորհրդանիշն է։ Հաստատութիւնս հպարտ է իր զաւակներով, որոնք ուր ալ երթան, բարձունքներ կը նուաճեն՝ իրենց հետ վեր բարձրացնելով դպրոցին անունն ու դրօշը։
