ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐԸ ՏԻՐԱՑԱՆ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Պէյրութի արաբական համալսարանին մէջ տեղի ունեցան արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները՝ հինգ դասակարգերու մէջ: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած ՀՄԸՄ, յաջողեցաւ բաւական լաւ արդիւնք արձանագրելով տիրանալ երեք առաջնութիւններու: 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Կարէն Խալոյեան առաւելագոյն վեց կէտերը ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: Լեւոն Գալայճեան 4 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ: 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Քարլօ Դարբինեան 5 կէտ ապահովելով իր կարգին հանդիսացաւ առաջին: Մհեր Փելթեքեան հանդիսացաւ երկրորդ (4,5 կէտ): Ինչ կը վերաբերի 12 տարեկանէն վար դասակարգին, Հրակ Գըլըպոզեան առաւելագոյն վեց կէտը ապահովելով հանդիսացաւ առաջին, իսկ Յովիկ Պէրպէրեան՝ երրորդ դիրքը (4,5 կէտ): 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Նարեկ Նաճարեան 4,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Արամ Աբրահամեան՝ երրորդ (4 կէտ):