ԱՍԻԱՅԷՆ ԵՒՐՈՊԱ

Դ. դասարանի սիրելի՛ ճանապարհորդներ,
Պատրաստուեցէ՛ք հաճելի ու անմոռանալի աշխարհագրական արկածախնդրութեան մը: Այսօր մեր ճամբորդութիւնը կը սկսի Չինաստանէն, ուր պիտի համտեսենք բանջարեղէնով պատրաստուած համեղ «Chow mein»-ը: Երեւակայեցէ՛ք միաժամանակ քաղցր եւ աղի համերը: Այդ համերը վայելելէ ետք, Ուրալեան լեռնաշղթայի վրայով, կախարդական ինքնաթիռներով պիտի ճամբորդենք Եւրոպա՝ Իտալիա: Այնտեղ պիտի ճաշակենք տուրմի փոշիի բուրմունքով պատրաստուած «Tiramisu»-ն:
Այս հիասքանչ վայրերը տեսնելով՝ մենք պիտի ծանօթանանք տարբեր մշակոյթներու, տեսարժան վայրերու եւ աւանդութիւններու, որոնք մեր աշխարհը կը դարձնեն անկրկնելի:
Ուրեմն ապահովեցէ՛ք ձեր անցագիրները …
Այսպէս, Ուրբաթ, 14 Մարտ 2025-ին Դ. դասարանի աշակերտները աշխարհագրութեան դասապահուն կախարդական ինքնաթիռներով սկսան իրենց արկածախնդրութիւններուն, նախ՝ Չինաստան ,ապա՝ Իտալիա:
Ճեմարանականները անմոռանալի յիշատակներ ամբարելէ ետք, վերադարձան Լիբանան՝ Ճեմարան: