Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին ընդառաջ, Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2021-ին, Ճեմարանի Զ. եւ Է. դասարաններուն, ինչպէս նաեւ Շարժայի Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցչական կազմերը միացեալ առցանց հանդիպում մը ունեցան Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող Հիմնադրամի (ՀՃՈՒՀ) փոխ տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի հետ: Պրն. Քորթոշեան ներկաներուն խօսեցաւ մշակութային ջարդին մասին, որ մինչեւ այսօր հետեւողական ձեւով կ’իրականացուի թրքական եւ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մեր պատմական հողերուն վրայ: Ան աշակերտներուն ցոյց տուաւ Հիմնադրամին հետազօտական աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած խաչքարերու բեկորներն ու եկեղեցիներու աւերակները՝ մշակութային ջարդին իբրեւ արդիւնք: Հանդիպումին ընթացքին, աշակերտները իրենց հարցումները ուղղեցին Պրն. Քորթոշեանին եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ:
ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՓՈԽ ՏՆՕՐԷՆ ՐԱՖՖԻ ՔՈՐԹՈՇԵԱՆԻ ՀԵՏ
