ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ՝ ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի 9 եւ Հինգշաբթի 25 Փետրուար 2021-ին, Նախակրթարանի Զ. եւ Միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները առցանց հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Պիքֆայայի Դպրեվանքի տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի հետ: Վերջինս աշակերտներուն ներկայացուց Բարեկենդան եւ Տեառընդառաջ տօներուն կրօնական բացատրութիւնը: Հանդիպման աւարտին, աշակերտները հարցուցին ծոմապահութեան, աղօթքի եւ կրօնական արարողակարգերու վերաբերեալ զանազան հարցումներ եւ ստացան անոնց համապատասխան բացատրութիւնները: