2019-2020 դպրոցական տարեշրջանը փակուեցաւ արտասովոր պայմաններու մէջ: Համաճարակին պարտադրած նոր առօրեային հազիւ համակերպած աշակերտները ականատես եղան ամբողջ Լիբանանը ցնցող 4 Օգոստոսի նաւահանգիստի պայթումին: Նկատի ունենալով նշեալ երեւոյթներուն մասին աշակերտներուն արտայայտուելու կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը, 2020-2021 տարեշրջանի սկիզբը Ճեմարանի հոգեբանը նախաձեռնեց դասարանային առցանց հանդիպումներու, որոնց ընթացքին աշակերտներուն առիթը տրուեցաւ ներկայացնելու զանազան նիւթեր, ինչպէս՝ մեկուսացումը, առցանց դասաւանդութիւնը, պայթումը, Արցախի պատերազմը, եւայլն:
Զ. դասարանէն ԺԲ. դասարանի աշակերտները այս հանդիպումներուն ընթացքին ներկայացման զանազան միջոցներով՝ տեսերիզ, հարցազրոյց, նկարներ, զրոյց… արտայայտեցին իրենց զգացումները տուեալ նիւթերուն մասին եւ լսեցին իրենց ընկերներուն ու հոգեբանին կարծիքը:
Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ հոգեբանը աւելի մօտէն ծանօթացաւ աշակերտներուն, անոնց մտահոգութիւններուն եւ կարիքներուն: