ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ

2020-2021 տարեշրջանի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2020-ին, ընթացք առաւ առցանց դասաւանդութիւններու վարժողական աշխատանոցներու շարքը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ։ Շաղիկ Չափարեան ներկայացուց առաջին նիւթը՝ «Առցանց դասաւանդման մօտեցումներ, մեթոտներ եւ գործիքներ», որուն աւարտին ան պատասխանեց ուսուցիչներուն հարցումներուն։

Դպրոցի զանազան բաժիններու համար նախատեսուած, փոքրաթիւ խումբերով աշխատանոցներու շարքը կ’երկարի մինչեւ Օգոստոս ամսուան աւարտը։