ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Ճեմարանի շրջանաւարտ սննդագէտ Նանի Գալուստեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ առողջ սննդականոնի մասին: Ան ըսաւ, որ սննդականոնը պէտք է մաս կազմէ մեր կենցաղին ոչ միայն բարեձեւ մարմին ունենալու, այլեւ շատ մը հիւանդութիւններ կանխարգիլելու համար:

Աշակերտները հետաքրքութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները: