ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ սննդագէտ Նանի Գալուստեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ առողջ սննդականոնի մասին:

Աշակերտները հետաքրքութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները: