ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Դ. դասարանի գիտութեան ծրագիրը կ’ընդգրկէ առողջ սննդականոնի հետեւելու ու լաւ սովորութիւններ ունենալու անհրաժեշտութեան նիւթը: Ուրբաթ, 23 Մայիս 2014-ին, դպրոց հրաւիրուած էր Ճեմարանի շրջանաւարտ Արին Գասապեանը, որ այժմ կը հետեւի սննդագիտութեան մասնագիտութեան՝ ֆրանսական համալսարանէն ներս: Հաճելի եւ օգտակար մատուցումով Արինը Դ. դասարանի աշակերտներուն բացատրեց օրուան դասը, պատասխանեց անոնց հարցումներուն ու համոզիչ լուսաբանութիւններով անոնց փոխանցեց, թէ կարգ մը վնասակար ուտելիքներէ խուսափիլը առաջքը կ’առնէ շատ մը հիւանդութիւններու: