Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ճեմարանի մարզանքի ուսուցիչներ Սագօ Էսքիճեան եւ Արամ Աբրահամեան այցելեցին մանկապարտէզ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկներուն խօսեցան մարզանքի կարեւորութեան մասին:
Փոքրիկները հետեւեցան մարզիչներուն ցուցմունքներուն եւ տարբեր-տարբեր մարզանքներ ըրին:
