«ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ, ԼԱՒ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ»

Ճեմարանի ընկերային եւ առողջապահական ծրագրի ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2020-ին, Ճեմարան այցելեց ատամնաբոյժ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան, որ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց առողջապահութեան մասին կենսական գիտելիքներ:

PowerPoint-ի ներկայացման միջոցով, ան նախ խօսեցաւ ընդհանուր մարդակազմութեան մասին, որմէ ետք անդրադարձաւ մարմնի մաքրութեան կարեւորութեան եւ առողջութեան վրայ իր ունեցած ազդեցութեան: Ապա, Տոքթ. Եղիայեան կեդրոնացաւ ակռաներու մաքրութեան վրայ եւ աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս պէտք է ակռաները ճիշդ ձեւով վրձինել: Ներկայացման աւարտին, աշակերտները ատամնաբոյժին ուղղեցին իրենց հարցումները եւ ստացան անոնց լուսաբանական պատասխանները: