ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ ԵՒ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ սննդագէտ Նանի Գալուստեան տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ սննդարար ուտելիքներու եւ առողջ կենցաղի մասին:

Աշակերտները հետաքրքութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները: