ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Չորեքշաբթի 15 Յունուար 2025-ին, կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «Առողջ կենցաղ եւ ակռաներու խնամք» նիւթը Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ ստացան իրենց հարցումներուն լուսաբանութիւնները: